Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փորթուգալի մէջ:
Ինչպէս կը յայտնէ հայ ֆութպոլիստին իրաւունքները ներկայացնող «Պաքեթ Կրուփ Սփորթց Մենեճմընթ» կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը, 26 տարեկան Ղազարեան երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մարիթիմոյի հետ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին, Ղազարեան մաս կազմեց յունական Օլիմփիաքոսին եւ Քերքիրային:
ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ կը խօսուէր Ղազարեանի ուքրանական Մեթալիսթ տեղափոխուելուն մասին, սակայն ան համաձայն գտնուած է ընդունիլ փորթուգալեան խումբին առաջարկը: