«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վարտար (Մակեդոնիա) 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կիպրոսի ախոյեան Ափոյելի դէմ:
Հիւր խումբին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, մինչ Արտակ Դաշեան դաշտ ներկայացաւ 64-րդ վայրկեանին:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 21 յուլիսին` Մակեդոնիոյ մէջ: