Արարատ Երեւան, որ Ռուսիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռուսիոյ պրոնզէ մետալակիրէն:
Հակառակ անոր որ մրցումը ընթացաւ ռուսական խումբին տիրապետութեամբ, սակայն անիկա միայն մէկ անգամ յաջողեցաւ ցնցել Գէորգ Պրազեանի բերդին ուռկանը, այդ ալ շնորհիւ պրազիլցի իր մարզիկին` 20-րդ վայրկեանին:
ArmSport.am հաղորդեց, որ այս մրցումին փորձուեցան Արարատի գրեթէ բոլոր մարզիկներն ալ: