«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանին երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ճակատումներ:
Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Ալաշկերտ եւ Շիրակ, որոնք պիտի մրցին օտար դաշտերու վրայ:
Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:45-ին, Ալաշկերտ հիւրը պիտի ըլլայ Քայրաթ Ալմաթիի (Ղազախստան), մինչ Շիրակ ժամը 20:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հիւրը պիտի ըլլայ ԱԻՔ Սթոքհոլմի (Շուէտ):
Հայրենի երկու խումբերն ալ իրենց փորձերը կատարեցին երէկ` հիւր խումբերուն կողմէ իրենց տրամադրուած դաշտերուն վրայ: