
Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ իր մարզիչին` Ուլի Վեկների հետ, եւ մրցակից Ռոպերթ Շթիկլից` իր մարզիչին հետ, լրագրողներու ներկայացուցիչներուն եւ հանդիսատեսներու ներկայութեան բաց փորձեր կատարեցին, կը յայտնէ Աբրահամի մամլոյ քարտուղար Սիրան Գրիգորեան:
Արթուր Աբրահամի եւ Ռոպերթ Շթիկլիցի միջեւ արդէն իսկ 4-րդ հանդիպումն է, որ տեղի պիտի ունենայ 18 յուլիսին, գերմանական Հալ քաղաքին մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Կռփամարտիկները պիտի պայքարին WBO-ի ախոյեանութեան գօտիին համար, որ կը պատկանի Աբրահամին:
Նշենք, որ այս մրցելոյթը պիտի ցուցադրուի գերմանական SAT-1 եւ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայաններէն` ուղղակիօրէն:


