Ալաշկերտ Երեւանի յետսապահ Արտակ Անդրիկեան, հանդէս գալով 2-րդ խումբին հետ, աւարտած ախոյեանութեան բաւական քիչ խաղաժամանակ ստացաւ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ասկէ մեկնելով` ան այժմ հեռացած է խումբէն եւ ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ ունի:
Փիւնիկի Ուլիսի եւ Արարատի նախկին ֆութպոլիստը ըսաւ, որ թէեւ հայկական կարգ մը ակումբներու հետ նախնական բանակցութիւններ եղած են, սակայն ցարդ յստակ ոչինչ կայ այդ ուղղութեամբ:
Նշենք, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ տարուան ամրան Արարատէն Ալաշկերտին միացած էր: