«Փրենթանիա» պանդոկին մէջ (Պրումմանա) տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ 23 յուլիսէն 9 օգոստոս տեղի պիտի ունենայ Պրումմանայի թենիսի տարեկան 75-րդ մրցաշարքը` «Արզի բաժակ» անուան տակ, Պրումմանայի ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Պրումմանայի քաղաքապետ Փիեռ Աշքար, թենիսի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Էռնեսթ Ֆլէյհան, թենիսի պատասխանատուներ, հովանաւոր ընկերութիւններ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Տեղի ունենալիք բազմաթիւ դասակարգերու մրցումներուն մասնակցելու համար արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 21 յուլիս կէսօրուան ժամը 12:00-ը:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս մրցաշարքին մասնակցիլ, կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին 71-641743: