Մարզական

Պասքեթպոլ. Հայաստան Յաղթեց Ճիպրալթարի Եւ Կալեսի

Հայաստանի աղջիկներու պատանեկան հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ իր ելոյթները` Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, կը յայտնէ ArmSport.am: Իրենց կատարած առաջին մրցումին, հայ մարզիկները 63-29 արդիւնքով յաղթեցին Ճիպրալթարի: Ապա երկրորդին հայրենի կազմը 55-33 արդիւնքով յաղթեց Կալեսի:

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մանուչարեան Կոլի Հեղինակ` Ուրալի Հետ

Էտկար Մանուչարեան Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, վեց խումբեր յաղթանակ արձանագրեցին: Այդ վեց խումբերուն կարգին եղաւ Ուրալ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց Քուպան Քրասնոտարի դաշտին վրայ` 2-0 արդիւնքով: Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան` 73-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ան դաշտ ներկայացած էր 69-րդ վայրկեանին: Ան կոլի իր այս փոխանցումը ստացաւ Տենիս Տորոժքինէն: Տարեշրջանը յաղթանակով...

25-26 Յուլիսին. Մարզական Փառատօն` Քֆարզեպիանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Փարա-մաունթ Թուին»-ի եւ գործակցութեամբ Քֆարզեպիանի քաղաքապետութեան, շաբաթ, 25 եւ կիրակի, 26 յուլիսին, Քֆարզեպիանի շրջանին (Քեսրուան) մէջ գտնուող քարէ կամուրջին վրայ տեղի պիտի ունենայ մարզական փառատօն մը` չորրորդ տարին ըլլալով: Տեղի պիտի ունենան տարբեր տեսակի մարզական խաղեր, որոնց կարգին` 100 մեթրէն ցատկիլ, լեռ մագլցիլ եւ այլն: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալ, կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն`...

Շերպաչենքօ. «Ես Կրնամ Գլխաւորել Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականը»

Ռուս անուանի մարզիչ Ֆիոտոր Շերպաչենքօ յայտնեց, որ ինք դէմ պիտի չըլլայ, եթէ իրեն առաջարկուի մարզել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը: «Ես կրնամ աշխատիլ Ռուսիոյ պատանեկան հաւաքականներուն հետ: Ատոր կողքին կրնամ ըլլալ նաեւ Հայաստանի կամ Լաթվիոյ ազգային հաւաքականներուն մարզիչը, բայց չեմ կրնար աշխատիլ աւելի մեծ հաւաքականի հետ», կ՛ըսէ ան: ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ նախորդ տարեշրջանին ան որոշ ժամանակի մը...

Սթամպուլի Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թոթենհամի միջնապահ Պենժամին Սթամպուլի իր խումբը լքելով միացաւ կազմին` 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մայրաքաղաքի կազմին հետ: Նախորդ սեպտեմբերին Մոնփելիէէն Թոթենհամի միացած 24 տարեկան Սթամպուլի «Փրեմիեր լիկ»-ի 12 մրցումի մասնակցեցաւ: Նշենք, որ ան նախապէս մաս կը կազմէր Ֆրանսայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբին, եզրափակեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:...

Ռոնալտօ Եւ Պենիթես Չեն Կրնար Փոխըմբռնման Գալ Իրարու Հետ

Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ոչ մէկ ձեւով կրնայ փոխըմբռնման գալ խումբին նոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեսի հետ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Էյ. Պի. Սի.»: Աղբիւրին համաձայն, 30 տարեկան փորթուգալցին չի կրնար համակերպիլ սպանացի մասնագէտին հետ, որուն թաքթիքները տարբեր կը թուին ըլլալ մարզիկին համար: Կը նշուի, որ խումբին կատարած փորձերէն մէկուն ընթացքին Ռոնալտօ մինչեւ աւարտը չէ դիմացած, շատ հաւանաբար այն...

Սելթիքի Թուրք Յառաջապահը 6 Մրցումով Կախակայուեցաւ… Մրցակիցին Ոտքը Խածած Ըլլալուն Պատճառով

«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Սելթիքի նորեկ թուրք յառաջապահ Նատեր Չիֆթճի Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին սկիզբը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ իր ակումբին հետ: Նախորդ տարեշրջանին աւարտէն առաջ 22 տարեկան թուրք ֆութպոլիստը, որ իր կազմին` Տանտի Եունայթըտի հետ տուպլէի հեղինակ դարձաւ, խածաւ Տանտիի յետսապահ Ճիմ Մաքալիսթըրի ոտքը: Ան թէեւ այդ մրցումին կարմիր քարտ չստացաւ, սակայն նախորդ տարեշրջանի վերջին երկու...

Պարթոմէու Կը Մտադրէ Աշխատանքի Հրաւիրել Ապիտալը Եւ Փիւյոլը

Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Պարթոմէու կը մտադրէ քաթալոնական ակումբ աշխատանքի հրաւիրել խումբին նախկին յետսապահները` Էրիք Ապիտալը եւ Քարլես Փիւյոլը, կը յայտնէ «Սփորթ» կայքը: Ակումբին պատասխանատուները մտադիր են հանդիպում մը ունենալ Ապիտալի հետ եւ այս հարցը քննարկել անոր հետ: Նախապէս երկու առիթներով Պարսելոնա այդպիսի առաջարկ մը ներկայացուցած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստին, որ մերժած է ներկայացուած առաջարկները: Ինչ կը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փիւնիկ – Մոլտը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան պիտի հիւրընկալէ Նորվեկիոյ ախոյեան Մոլտը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ ուքրանացի Անաթոլի Ապտիւլա: Հայկական կազմը բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ երթին իր...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւնները` 26 Փետրուար 2016-ին

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւնները` 26 Փետրուար 2016-ին

Լի Նելսոն Քոֆի Անան ՖԻՖԱ-ին գործադիր կոմիտէն երէկ գումարեց արտահերթ ժողով մը, որուն ընթացքին 26 փետրուար 2016-ը ճշդեց իբրեւ ՖԻՖԱ-ի նոր նախագահի ընտրութեան թուականը: Ինչպէս ծանօթ է, 29 մայիս 2015-ին 5-րդ նստաշրջանի մը համար ՖԻՖԱ-ի նախագահ ընտրուած Սեփ Պլեթըր ամբաստանուած է հսկայական գումարներ «գրպանած» ըլլալուն համար: Երէկուան նիստին ընթացքին անգլիացի դերասան Լի Նելսոն տոլարներ նետեց Սեփ Պլեթըրի վրայ, յայտնեց «Տը...

Պասքեթպոլ. 20 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Արձանագրեց 3 Յաղթանակ Եւ Կրեց 4 Պարտութիւն

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին իր ելոյթները աւարտեց Եւրոպայի երիտասարդական Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ` գրաւելով 12-րդ դիրքը: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վիքթոր Ուսքովի կազմը արձանագրեց 3 յաղթանակ` Զուիցերիոյ, Մոլտովայի եւ Ալպանիոյ դէմ, մինչ անդին կրեց 4 պարտութիւն` Մակեդոնիայէն, Պիելոռուսիայէն, Սլովաքիայէն եւ Վրաստանէն: Սակայն պէտք է նշել, որ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը...

Բանանց Եւ Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը Բարեկամական Մրցում Պիտի Կատարեն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին պատրաստուելու շրջանակներուն մէջ, Բանանց իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Արցախի ֆութպոլի հաւաքականին դէմ: Այս մասին կը յայտնէ երեւանեան ակումբին պաշտօնական կայքը: ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 23 յուլիսին, ժամը 11:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով, Բանանցի մարզահամալիրին մէջ: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի 1 օգոստոսին:

Սերկէյ Թումասեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Էսթոնիոյ Մէջ

ArmSport.am հաղորդեց, որ հայ միջնապահ Սերկէյ Թումասեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Թալլինի Ինֆոնեթ խումբին հետ, որ հանդէս կու գայ Էսթանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան մէջ: 25 տարեկան Թումասեան 1,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ: Նշենք, որ Սերկէյ Թումասեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին հանդէս եկած է ռուսական, հայկական եւ ֆինլանտական խումբերու հետ:

Կռփամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Նախապատրաստուի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ, այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այս հաւաքին կը մասնակցին 21 կռփամարտիկներ, որոնցմէ զօրաւորագոյնները 5-16 օգոստոսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան: Հաւաքականին ուսումնամարզական հաւաքը կ՛աւարտի 30 յուլիսին: Քանի մը օրուան հանգիստէ ետք, հաւաքականը կը մեկնի Պուլկարիա:...

«Թուր Տը Ֆրանս».  Սպանացի Վեթերան Ռուպեն Փլազա Շահեցաւ 16-րդ Հանգրուանի Մրցումը

«Թուր Տը Ֆրանս». Սպանացի Վեթերան Ռուպեն Փլազա Շահեցաւ 16-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Ռուպեն Փլազա Քրիսթաֆըր Ֆրում Երէկ` երկուշաբթի, 20 յուլիսին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին 16-րդ հանգրուանի մրցումը` Պուրկ տը Փէաժէն Կափ (201 քմ): Անիկա աւարտեցաւ 35 տարեկան սպանացի վեթերան հեծելանւորդ Ռուպեն Փլազա Մոլինայի յաղթանակով. վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ժամ 30 վայրկեան եւ 10 երկվայրկեան արդիւնք մը: 2-րդ դիրքը գրաւեց Փիթըր Սական (Սլովաքիա)` 30" ուշացումով: Ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը կը...

Նաւաս` Ռէալ Մատրիտի Հիմնական Բերդապահը

Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքին հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս ստացաւ թիւ 1 մարզաշապիկը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան եղաւ խումբին հիմնական բերդապահը, արքայական ակումբին նախկին բերդապահ Իքեր Քասիասի խումբէն հեռանալէն ետք: Պահեստի բերդապահը պիտի ըլլայ Էսփանիոլի նախկին բերդապահ Քիքօ Քասիա, որուն յանձնուեցաւ թիւ 13 մարզաշապիկը: Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտի նոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես մեծ...

Թենիս. Սերենա Ուիլիըմզ Առաջին Դիրքին Վրայ` 250-րդ Շաբաթն Ըլլալով

Սերենա Ուիլիըմզ Երէկ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց նոր դասաւորումը: Աղջկանց պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, որ այսպիսով թենիսի պատմութեան մէջ յաջողեցաւ հանդիսանալ 4-րդ թենիսվումընը, որ աւելի քան 250 շաբաթէ ի վեր կը շարունակէ բազմիլ այդ դիրքին վրայ: Ամէնէն շատ պարագլուխի դիրքին վրայ մնացած են Շթեֆի Կրաֆ (377 շաբաթ), Մարթինա Նաւրաթիլովա (332 շաբաթ) եւ Քրիս Էվըրթ (260...

19 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Սպանիա Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Յունաստանի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Սպանիան եւ Ռուսիան, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Սպանիա իւրաքանչիւր կիսախաղի կոլ մը նշանակեց: Այսպիսով, վերջին 13 տարիներուն ընթացքին Սպանիա հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Անիկա առաջին անգամ ախոյեան եղած էր 2002-ին, ապա յաջորդաբար` 2004-ին, 2006-ին, 2007-ին, 2011-ին եւ 2012-ին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ֆրեր Պէյթ Մերի` 67-48

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց յաղթանակ մը` 67-48 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆրեր Պէյթ Մերին: Նշենք, որ այս մրցումը տեղի ունեցաւ Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի):

Կռփամարտ.  Արթուր Աբրահամ Նաք-Աութի Ենթարկեց Ռոպերթ Շթիկլիցը

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Նաք-Աութի Ենթարկեց Ռոպերթ Շթիկլիցը

Գերմանական Հալ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ Ռոպերթ Շթիկլիցի միջեւ մենամարտը: Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ կռփամարտիկը հրաշալի ելոյթ ունենալով մրցակիցը նաք-աութի ենթարկեց 6-րդ ռաունտին, կը յայտնէ ArmSport.am: Նշենք, որ ասիկա Աբրահամի եւ Շթիկլիցի միջեւ 4-րդ մենամարտն էր: Աբրահամ Շթիկլիցի դէմ երրորդ յաղթանակը արձանագրելով պաշտպանեց WBO-ի վարկածով...

Page 1206 of 1275 1 … 1,205 1,206 1,207 … 1,275

Արխիւներ