Եւրոպայի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը իր կատարած 4-րդ մրցումին ճակատեցաւ Մոլտովայի դէմ եւ արձանագրեց 81-55 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անտրէյ Քոնսթանթինով (22 կէտ), ապա` Արտեոմ Թաւաքալեան (17) եւ Ռիչըրտ Էլմոյեան:
ArmSport.am հաղորդեց, որ Հայաստանի հաւաքականը կը պայքարի 9-էն 18-րդ դիրքին համար` նկատի ունենալով, որ խմբակներու դրութեամբ իր արձանագրած առաջին յաղթանակէն ետք հայրենի կազմը կրեց 2 պարտութիւն: