«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց որ Ռահիմ Սթերլինկ անգլիացի ֆութպոլիստներուն մէջ հանդիսացաւ ամէնէն սուղ փոխանցումը, երբ փոխան 76,4 միլիոն ամերիկեան տոլարի, իր կազմը` Լիվըրփուլը լքելով միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի:
20 տարեկան Սթերլինկ, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սիթիի հետ, իր պայմանագրութիւնը կնքելէ ետք անմիջապէս ճամբորդեց Աւստրալիա` միանալու համար իր նոր խմբակիցներուն, որոնք հոն կը կատարեն շրջապտոյտ մը` պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Սթերլինկ Լիվըրփուլի հետ կատարած է 129 մրցում` նշանակելով 23 կոլ:
Նշենք, որ ան 2010-ին երբ 15 տարեկան էր, Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզէն միացաւ Լիվըրփուլի: