

ՖԻՖԱ-ին գործադիր կոմիտէն երէկ գումարեց արտահերթ ժողով մը, որուն ընթացքին 26 փետրուար 2016-ը ճշդեց իբրեւ ՖԻՖԱ-ի նոր նախագահի ընտրութեան թուականը:
Ինչպէս ծանօթ է, 29 մայիս 2015-ին 5-րդ նստաշրջանի մը համար ՖԻՖԱ-ի նախագահ ընտրուած Սեփ Պլեթըր ամբաստանուած է հսկայական գումարներ «գրպանած» ըլլալուն համար:
Երէկուան նիստին ընթացքին անգլիացի դերասան Լի Նելսոն տոլարներ նետեց Սեփ Պլեթըրի վրայ, յայտնեց «Տը Կարտիըն»-ը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:
Նշենք, որ այս նիստը տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա):
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններուն, վեց ցամաքամասերէն չորսը կը զօրակցին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինիի, անշուշտ եթէ ան որոշէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին համար:
Ֆրանսացի Փլաթինի շատ հաւանաբար տասը օրուան ժամանակամիջոցի մը ընթացքին որոշէ, թէ կ՛ուզէ՞ այդ պաշտօնը ստանձնել, թէ՞ ոչ:
«Ռոյթըրզ» կ՛աւելցնէ նշելով, որ ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարին` Քոֆի Անանի անունը առաջադրուած է` իբրեւ գլխաւոր պատասխանատուն այս ընտրութիւններուն կայացման:
Նշենք, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին Անանի հետ: