Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ոչ մէկ ձեւով կրնայ փոխըմբռնման գալ խումբին նոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեսի հետ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Էյ. Պի. Սի.»:
Աղբիւրին համաձայն, 30 տարեկան փորթուգալցին չի կրնար համակերպիլ սպանացի մասնագէտին հետ, որուն թաքթիքները տարբեր կը թուին ըլլալ մարզիկին համար:
Կը նշուի, որ խումբին կատարած փորձերէն մէկուն ընթացքին Ռոնալտօ մինչեւ աւարտը չէ դիմացած, շատ հաւանաբար այն պատճառով, որ Պենիթեսի հետ անհամաձայնութիւն եղած էր:
Նշենք, որ Ռոնալտօ նախկին մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի հեռացումը չէր ուզեր: