
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, վեց խումբեր յաղթանակ արձանագրեցին:
Այդ վեց խումբերուն կարգին եղաւ Ուրալ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց Քուպան Քրասնոտարի դաշտին վրայ` 2-0 արդիւնքով:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան` 73-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ան դաշտ ներկայացած էր 69-րդ վայրկեանին:
Ան կոլի իր այս փոխանցումը ստացաւ Տենիս Տորոժքինէն:
Տարեշրջանը յաղթանակով սկսան նաեւ Մոսկուայի Բանակայիններ, Ֆ. Ք. Քրասնոտար, Քրիլիա Սովեթով, Լոքոմոթիւ Մոսկուա եւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ: