Հայաստանի աղջիկներու պատանեկան հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ իր ելոյթները` Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, կը յայտնէ ArmSport.am:
Իրենց կատարած առաջին մրցումին, հայ մարզիկները 63-29 արդիւնքով յաղթեցին Ճիպրալթարի: Ապա երկրորդին հայրենի կազմը 55-33 արդիւնքով յաղթեց Կալեսի: