Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թոթենհամի միջնապահ Պենժամին Սթամպուլի իր խումբը լքելով միացաւ կազմին` 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մայրաքաղաքի կազմին հետ:
Նախորդ սեպտեմբերին Մոնփելիէէն Թոթենհամի միացած 24 տարեկան Սթամպուլի «Փրեմիեր լիկ»-ի 12 մրցումի մասնակցեցաւ:
Նշենք, որ ան նախապէս մաս կը կազմէր Ֆրանսայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբին, եզրափակեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: