«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Սելթիքի նորեկ թուրք յառաջապահ Նատեր Չիֆթճի Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին սկիզբը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ իր ակումբին հետ:
Նախորդ տարեշրջանին աւարտէն առաջ 22 տարեկան թուրք ֆութպոլիստը, որ իր կազմին` Տանտի Եունայթըտի հետ տուպլէի հեղինակ դարձաւ, խածաւ Տանտիի յետսապահ Ճիմ Մաքալիսթըրի ոտքը:
Ան թէեւ այդ մրցումին կարմիր քարտ չստացաւ, սակայն նախորդ տարեշրջանի վերջին երկու հանգրուանի մրցումներուն դաշտ չներկայացաւ:
Սակայն Սկովտիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց 6 մրցումով կախակայել թուրք ֆութպոլիստը, որ այս ամրան ընթացքին փոխան 1,5 միլիոն փաունտի Տանտի Եունայթըտէն միացաւ Սելթիքի: