Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքին հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս ստացաւ թիւ 1 մարզաշապիկը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան եղաւ խումբին հիմնական բերդապահը, արքայական ակումբին նախկին բերդապահ Իքեր Քասիասի խումբէն հեռանալէն ետք:
Պահեստի բերդապահը պիտի ըլլայ Էսփանիոլի նախկին բերդապահ Քիքօ Քասիա, որուն յանձնուեցաւ թիւ 13 մարզաշապիկը:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտի նոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես մեծ յոյսեր կապած է Նաւասի վրայ եւ այդ պատճառով անոր յանձնած թիւ 1 շապիկը:
Սպանական մամուլին համաձայն, եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտէն Տաւիտ Տէ Ժէայի փոխանցումը իրականանայ, կրնայ պատահիլ, որ Նաւաս ըլլայ պահեստի բերդապահը: