«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան պիտի հիւրընկալէ Նորվեկիոյ ախոյեան Մոլտը:
Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ ուքրանացի Անաթոլի Ապտիւլա:
Հայկական կազմը բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ երթին իր մրցակիցին դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց:
Անցնելու համար յաջորդ հանգրուան` Փիւնիկ պէտք է 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրէ եւ իր բերդին մէջ կոլ չստանայ:
Ֆութպոլի աշխարհին մէջ անակնկալները երբեք չեն պակսիր:
Այսօր այդ օրերէն մէկը կրնայ ըլլալ եւ Փիւնիկ պիտի յաջողի անցնիլ յաջորդ հանգրուան: