Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին իր ելոյթները աւարտեց Եւրոպայի երիտասարդական Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ` գրաւելով 12-րդ դիրքը:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վիքթոր Ուսքովի կազմը արձանագրեց 3 յաղթանակ` Զուիցերիոյ, Մոլտովայի եւ Ալպանիոյ դէմ, մինչ անդին կրեց 4 պարտութիւն` Մակեդոնիայէն, Պիելոռուսիայէն, Սլովաքիայէն եւ Վրաստանէն:
Սակայն պէտք է նշել, որ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այսպիսի մակարդակի ախոյեանութեան եւ սքանչելի փորձառութիւն ձեռք ձգեց ապագայի հաշուոյն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան մասնակցելով Հայաստան ապահովեց 489 կէտ: