Երէկ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց նոր դասաւորումը:
Աղջկանց պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, որ այսպիսով թենիսի պատմութեան մէջ յաջողեցաւ հանդիսանալ 4-րդ թենիսվումընը, որ աւելի քան 250 շաբաթէ ի վեր կը շարունակէ բազմիլ այդ դիրքին վրայ:
Ամէնէն շատ պարագլուխի դիրքին վրայ մնացած են Շթեֆի Կրաֆ (377 շաբաթ), Մարթինա Նաւրաթիլովա (332 շաբաթ) եւ Քրիս Էվըրթ (260 շաբաթ):