Կազմակերպութեամբ «Փարա-մաունթ Թուին»-ի եւ գործակցութեամբ Քֆարզեպիանի քաղաքապետութեան, շաբաթ, 25 եւ կիրակի, 26 յուլիսին, Քֆարզեպիանի շրջանին (Քեսրուան) մէջ գտնուող քարէ կամուրջին վրայ տեղի պիտի ունենայ մարզական փառատօն մը` չորրորդ տարին ըլլալով:
Տեղի պիտի ունենան տարբեր տեսակի մարզական խաղեր, որոնց կարգին` 100 մեթրէն ցատկիլ, լեռ մագլցիլ եւ այլն:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալ, կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն` 03-538182 կամ 03-514442: