Նախորդ շաբաթավերջին Յունաստանի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Սպանիան եւ Ռուսիան, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Սպանիա իւրաքանչիւր կիսախաղի կոլ մը նշանակեց:
Այսպիսով, վերջին 13 տարիներուն ընթացքին Սպանիա հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Անիկա առաջին անգամ ախոյեան եղած էր 2002-ին, ապա յաջորդաբար` 2004-ին, 2006-ին, 2007-ին, 2011-ին եւ 2012-ին: