Ռուս անուանի մարզիչ Ֆիոտոր Շերպաչենքօ յայտնեց, որ ինք դէմ պիտի չըլլայ, եթէ իրեն առաջարկուի մարզել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը:
«Ես կրնամ աշխատիլ Ռուսիոյ պատանեկան հաւաքականներուն հետ: Ատոր կողքին կրնամ ըլլալ նաեւ Հայաստանի կամ Լաթվիոյ ազգային հաւաքականներուն մարզիչը, բայց չեմ կրնար աշխատիլ աւելի մեծ հաւաքականի հետ», կ՛ըսէ ան:
ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ նախորդ տարեշրջանին ան որոշ ժամանակի մը համար եղած է Ուլիս Երեւանի մարզիչը: