Մարզական

Մեսսի Կանուխ Վերադարձաւ Իր Արձակուրդէն

Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի քիչ մը կանուխ աւարտեց իր արձակուրդը եւ վերադարձաւ իր ակումբին` իր խմբակիցներուն հետ պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին: Բնականաբար, բոլոր մարզիկներուն նման, ան եւս Պարսելոնա հասնելով ենթարկուեցաւ բուժզննումի, նախքան իր փորձերուն սկսիլը: Սպանիա վերադառնալով, Մեսսի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Արձակուրդը աւարտեցաւ: Այժմ պիտի սկսինք պատրաստուելու նոր տարեշրջանին: Պէտք է լաւ աշխատինք, որովհետեւ մեր...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ.  Իտալիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Զօրակցի Միշել Փլաթինիի

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Իտալիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Զօրակցի Միշել Փլաթինիի

Քարլօ Թաւեքիօ Ինչպէս ծանօթ է, 26 փետրուար 2016-ին, ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա), տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները: Ակնյայտ է, որ մինչեւ այդ թուականը իւրաքանչիւր օր նորութիւն մը պիտի ըլլայ այդ գծով: Ատկէ մեկնելով, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Քարլօ Թաւեքիօ, յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ իր երկրին ֆետերասիոնը կը զօրակցի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահին` Միշել Փլաթինիի առաջադրած...

Մարատոնա. «Պէտք Է Պայքարիմ ՖԻՖԱ-ին Մէջ Գտնուող Մաֆիային Դէմ»

Աշխարհահռչակ անուանի նախկին ֆութպոլիստ, արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ որոշած է պայքարիլ ՖԻՖԱ-ին մէջ գտնուող Մաֆիային դէմ: «Կան ֆութպոլիստներ, որոնք ինծի կ՛աջակցին: Կ՛ուզեմ մարտահրաւէր նետել այն մարդոց, որոնք երկար ժամանակ սեփականացուցած են այն, ինչ որ իրենց չի պատկանիր: Ես կ՛ուզեմ եւ այդ գծով աշխատանք պիտի տանիմ, որովհետեւ ամէն գնով պէտք է պայքարիլ այն Մաֆիային դէմ,...

Հայկական Ֆութպոլ. Այսօր Կը Սկսի Հայաստանի Բարձրագոյն Դասակարգի 24-րդ Ախոյեանութիւնը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 24-րդ ախոյեանութիւնը կը սկսի այսօր շաբաթ, 1 օգոստոսին, երբ ժամը 18:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) տեղի կ՛ունենայ Բանանց - Միքա բացման մրցումը` Բանանցի մարզադաշտին վրայ: Այսօր տեղի կ՛ունենայ այլ մրցումը մըն ալ, որուն ընթացքին, ժամը 19:00-ին, դարձեալ Երեւանի ժամանակացոյցով, ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ Փիւնիկ կը հիւրընկալէ Ալաշկերտը: Վաղը` կիրակի, ժամը 17:30-ին, Արարատ կը մրցի Ուլիսի դէմ (Հրազդան մարզադաշտ),...

Իրանեան Ֆութպոլ. Հրայր Մկոյեան Բացակայեցաւ Բացման Մրցումէն

Իրանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի բացման մրցումին, Թեհրանի Իսթիղլալը, որ հիւրը եղաւ Մաշհատի Սիահ Ճամեկանի, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Իսթիղլալի յետսապահ Հրայր Մկոյեան կախակայուած ըլալով այս մրցումէն բացակայեցաւ: Նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին, մինչ ան կը փորձէր մարզիկներուն միջեւ տեղի ունեցող կռիւը հանդարտեցնել, իր կարգին մրցումով մը կախակայուեցաւ Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստան 6 Ըմբիշով Կը Մեկնի Պրազիլ

10-17 օգոստոսին Պրազիլի Սալվատոր Տա Պայիա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան` 6 ըմբիշով: Երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեան յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան նկատի առած է հետեւեալ ըմբիշները. Ռազմիկ Միսաքեան (50 քկ), Նարեկ Յովհաննիսեան (55 քկ), Գագիկ Ակուլեան (60 քկ), Գէորգ Մխէեան (66 քկ), Սուրէն Խաչատրեան (74 քկ) եւ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Լիբանանի 38-րդ Միջազգային Ռելիին Պիտի Մասնակցին Արաբական Երկիրներու Բազմաթիւ Վարորդներ

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 38-րդ Միջազգային Ռելիին Պիտի Մասնակցին Արաբական Երկիրներու Բազմաթիւ Վարորդներ

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 4-6 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 38-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Արաբական երկիրներու բազմաթիւ վարորդներ իրենց մասնակցութիւնը հաստատեցին` նկատի ունենալով, որ այս ռելին յատուկ նշանակութիւն մը ունի բոլորին համար, որովհետեւ անիկա տեղի կ՛ունենայ կուպրապատուած ճամբաներու վրայ: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ քաթարցի Ապտել Ազիզ Քուարի (Ֆորտ Ֆիեսթա...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Հարաւային Քորէացի Սհունկ Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրեց Նախագահի Պաշտօնին Համար

ՖԻՖԱ-ի նախկին փոխնախագահ, հարաւային քորէացի Սհունկ Մոնկժուն, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն: 63 տարեկան միլիառատէր Սհունկ ըսաւ, որ իր թեկնածութեան առաջադրումը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ յառաջիկայ ամիս` Եւրոպայի մէջ: Ան նաեւ նշեց, որ թէեւ գիտէ, թէ բաւական դժուար առաքելութիւն մը պիտի ունենայ եւ պիտի հանդիպի սուր պայքարի, բայց եւ...

Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշները Կը Մեկնին Պիելոռուսիա

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը սեպտեմբերին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունենալիք աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան նախապատրաստական վերջին հանգրուանին պիտի սկսի: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան յայտնեց, որ 1-14 օգոստոսին Պիելոռուսիոյ մէջ գտնուող Սթայքիի հանրածանօթ մարզահամալիրին մէջ Հայաստանի հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ 14 ըմբիշներով: «Այս ժամանակաշրջանին...

Ալիք Առաքելեան Միացաւ Փիւնիկի

Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Ալիք Առաքելեան իր ակումբը` Միքան լքելով միացաւ Փիւնիկի, յայտնեց Միքայի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երեւանեան ակումբը եւ 19 տարեկան ֆութպոլիստը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեցին իրենց ստորագրած պայմանագրութիւնը, եւ Առաքելեան ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակով տեղափոխուեցաւ Փիւնիկ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:      

Ռէալ – Ռամոս Համաձայնութիւն

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Սերճիօ Ռամոս համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ: Ըստ աղբիւրին տեղեկութիւններուն, նոր համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2020: Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Ռամոս բարելաւուած պայմանագիրով տարեկան պիտի ստանայ 9 միլիոն եւրօ: Կը կարծուի, որ ամէն ինչ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի 23 օգոստոսին: Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յետսապահով վերջերս մօտէն հետաքրքրուած էր...

Տուկլաս 2 Ամիսով Պիտի Բացակայի Պարսելոնայէն

Sport.es կայքը հաղորդեց, որ Պարսելոնայի պրազիլցի յետսապահ Տուկլաս, որ Չելսիի դէմ տեղի ունեցած միջազգային մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Այս մրցումին, որ աւարտեցաւ Չելսիի յաղթանակով (փենալթիներով` 4-2), մարզիչ Լուիս Էնրիքէ ստիպուած եղաւ փոխարինելու Տուկլասը, որ վիրաւորուեցաւ 15-րդ վայրկեանին: Այլ գետնի վրայ, Պարսելոնա մտադիր չէ հրաժարիլ իր յետսապահէն` Ատրիանօ Քորեայէն` նկատի ունենալով, որ կը նախատեսուի, որ պրազիլցին...

Արսէն Բեգլարեան Տեղափոխուեցաւ Միքա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուլիս Երեւանի բերդապահ Արսէն Բեգլարեան, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Միքայի հետ, ArmSport.am-ին այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` նշելով, որ ակումբը արդէն իսկ ստացած է 22 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը: Բեգլարեան, որ նախապէս մաս կազմած է Գանձասարի եւ Շիրակի, 2014-ն ամրան տեղափոխուած էր Ուլիս: Նշենք, որ Միքայի հետ կը շարունակեն փորձառական շրջան անցընել...

Քաւանի 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի միջազգային 2 մրցումով կախակայուեցաւ, յայտնեց Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Քաւանի կախակայուեցաւ, որովհետեւ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, Չիլիի դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի մրցումին միջադէպ մը ունեցաւ չիլիցի միջնապահ Կոնզալօ Խարայի հետ: Նշենք, որ վերջինս երեք մրցումով կախակայուեցաւ` Քաւանիին հրահրելուն համար: Այսպիսով, Քաւանի պիտի չկարենայ մասնակցիլ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Ուրուկուէյի կատարելիք...

Պիելսա Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Մեքսիքայի Մարզիչ

Միջազգային շարք մը լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Օլիմփիք Մարսէյի նախկին մարզիչ Մարսելօ Պիելսա շատ հաւանաբար պիտի նշանակուի Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: Նշենք, որ Պիելսա այժմ ազատ մարզիչ մըն է, որովհետեւ իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգեց Մարսէյի հետ:

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ամառնային Բաժակի Մրցաշարք. Հարպ Եւ Հոմսի` 21 Տարեկանէն Վար Դասակարգի Տիտղոսակիր

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ամառնային բաժակի մրցաշարքը: 21 տարեկանէն վար տղոց դասակարգին մէջ տիտղոսակիր հանդիսացաւ Պասել Հարպ (Պարաղեմ Նապաթիէ), որ աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց իր խմբակիցին` Ահմետ Մուսթաֆա Հարպին: 3-րդ դիրքը գրաւեցին Ռալֆ Համտար եւ Հիշամ Թաուիլ (Անդրանիկ Պէյրութ): Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, առաջին հանդիսացաւ Փաթրիսիա...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Փլաթինի Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրեց Նախագահի Պաշտօնին Համար

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Կը կարծուի, որ 60 տարեկան Փլաթինի, որ 2007-էն ի վեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահն է, շատերու կողմէ կը նկատուի ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահ Սեփ Պլեթըրի արժանի յաջորդը: Հարաւային քորէացի Սհունկ Մոնկ-Ժուն, որ նախապէս եղած է ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահ, շատ հաւանաբար իր թեկնածութիւնը առաջադրէ յառաջիկայ ամիս,...

Միքա Պիտի Չանուանափոխուի

Ռուսական մամուլին կողմէ հրապարակուած լուրի մը մէջ հաղորդուեցաւ, որ տեղւոյն կազմերէն Քվազար պիտի միանայ Միքա Երեւանի, իսկ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընթացքին խումբը պիտի ներկայանայ Միքա - Քվազար անունին տակ: Սակայն ArmSport.am կայքը` իր լուրը քաղելով Միքայի մամլոյ քարտուղարութենէն, յայտնեց, որ պարզապէս հայկական ակումբին միացած են Քվազարի 10-12 ֆութպոլիստներ, որոնք փորձառական շրջան մը կ՛անցընեն հոն: Միքա յայտնեց, որ խումբին...

Սամուէլ Մելքոնեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Միքայի Հետ

ArmSport.am հաղորդեց, որ միջնապահ Սամուէլ Մելքոնեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Միքայի հետ: 31 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը եղաւ Կապան Գանձասարը: Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի բացման մրցումին, Միքա 1 օգոստոսին հիւրը պիտի ըլլայ Բանանցի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Բանանց-1 մարզադաշտին վրայ:

Արթիւրօ Վիտալ` Պայէրն Միւնիխի Նորեկը

Չիլիցի միջազգային միջնապահ Արթիւրօ Վիտալ իր ակումբը` Եուվենթուսը լքելով միացաւ Պայէրն Միւնիխի` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Գերմանիոյ ախոյեանին հետ: Կը կարծուի, որ գերմանական ակումբ անոր փոխանցումը արժեց 40 միլիոն եւրօ: Այսպիսով, 28 տարեկան Վիտալ պրազիլցի Տուկլաս Քոսթայէն ետք (Շախտիոր Տոնեցքէն) եղաւ երկրորդ կարեւորագոյն մարզիկը, որ միացաւ Պայէրնի: Սակայն Վիտալ այդքան ալ անծանօթ չէ գերմանական ֆութպոլին` նկատի ունենալով, որ ան...

Page 1202 of 1275 1 … 1,201 1,202 1,203 … 1,275

Արխիւներ