Չիլիցի միջազգային միջնապահ Արթիւրօ Վիտալ իր ակումբը` Եուվենթուսը լքելով միացաւ Պայէրն Միւնիխի` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Գերմանիոյ ախոյեանին հետ:
Կը կարծուի, որ գերմանական ակումբ անոր փոխանցումը արժեց 40 միլիոն եւրօ:
Այսպիսով, 28 տարեկան Վիտալ պրազիլցի Տուկլաս Քոսթայէն ետք (Շախտիոր Տոնեցքէն) եղաւ երկրորդ կարեւորագոյն մարզիկը, որ միացաւ Պայէրնի:
Սակայն Վիտալ այդքան ալ անծանօթ չէ գերմանական ֆութպոլին` նկատի ունենալով, որ ան չորս տարեշրջան` մինչեւ 2011, մաս կազմած է Պայէրն Լեւերքուզընի:
Տեղին է նշել, որ Վիտալ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ այս ամիս տիրացաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին: