Աշխարհահռչակ անուանի նախկին ֆութպոլիստ, արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ որոշած է պայքարիլ ՖԻՖԱ-ին մէջ գտնուող Մաֆիային դէմ:
«Կան ֆութպոլիստներ, որոնք ինծի կ՛աջակցին: Կ՛ուզեմ մարտահրաւէր նետել այն մարդոց, որոնք երկար ժամանակ սեփականացուցած են այն, ինչ որ իրենց չի պատկանիր: Ես կ՛ուզեմ եւ այդ գծով աշխատանք պիտի տանիմ, որովհետեւ ամէն գնով պէտք է պայքարիլ այն Մաֆիային դէմ, որ ցարդ կը շարունակէ մնալ ՖԻՖԱ-ին մէջ», անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Ռոյթըրզ»-ը:
Նշենք, որ Մարատոնա իր կարգին կ՛ուզէ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութիւններուն մասնակցիլ: