
Ինչպէս ծանօթ է, 26 փետրուար 2016-ին, ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա), տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Ակնյայտ է, որ մինչեւ այդ թուականը իւրաքանչիւր օր նորութիւն մը պիտի ըլլայ այդ գծով:
Ատկէ մեկնելով, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Քարլօ Թաւեքիօ, յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ իր երկրին ֆետերասիոնը կը զօրակցի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահին` Միշել Փլաթինիի առաջադրած թեկնածութեան:
«Ան զարգացած եւ փորձառու անձ մըն է եւ յարմարագոյն թեկնածուն է այդ պաշտօնին համար: Ինչպէս նախորդ շաբաթներուն յայտարարեցի, դարձեալ կը կրկնեմ, մեր երկիրը պիտի զօրակցի անոր: Բոլորիս ալ ծանօթ է անոր ունեցած ներդրումը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին: Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, վստահ ենք, որ ան կրնայ օգնել նաեւ ՖԻՖԱ-ին եւ անոր ունեցած անկայուն վիճակը փրկել», ըսաւ Թաւեքիօ:
Նշենք, որ ֆրանսացի Փլաթինի 2007-էն ի վեր կը վարէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահի պաշտօնը:

Փլաթինիէն բացի, երբ թեկնածութիւնը առաջադրած է նաեւ հարաւային քորէացի Սհունկ Մոնկ-Ժուն: Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութեան պայքարին մէջ պիտի մտնեն նաեւ, պրազիլցի նախկին ֆութպոլիստ Զիքօ եւ Լիպերիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մուսա Պիլիթի: