«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Սերճիօ Ռամոս համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ:
Ըստ աղբիւրին տեղեկութիւններուն, նոր համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2020:
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Ռամոս բարելաւուած պայմանագիրով տարեկան պիտի ստանայ 9 միլիոն եւրօ:
Կը կարծուի, որ ամէն ինչ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի 23 օգոստոսին:
Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յետսապահով վերջերս մօտէն հետաքրքրուած էր Մանչեսթըր Եունայթըտ: