Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուլիս Երեւանի բերդապահ Արսէն Բեգլարեան, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Միքայի հետ, ArmSport.am-ին այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` նշելով, որ ակումբը արդէն իսկ ստացած է 22 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը:
Բեգլարեան, որ նախապէս մաս կազմած է Գանձասարի եւ Շիրակի, 2014-ն ամրան տեղափոխուած էր Ուլիս:
Նշենք, որ Միքայի հետ կը շարունակեն փորձառական շրջան անցընել շարք մը ֆութպոլիստներ, որոնց անունները պիտի յայտարարուին ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ, անշուշտ եթէ համաձայնութիւն գոյանայ անոնց եւ Միքայի հետ: