Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի քիչ մը կանուխ աւարտեց իր արձակուրդը եւ վերադարձաւ իր ակումբին` իր խմբակիցներուն հետ պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին:
Բնականաբար, բոլոր մարզիկներուն նման, ան եւս Պարսելոնա հասնելով ենթարկուեցաւ բուժզննումի, նախքան իր փորձերուն սկսիլը:
Սպանիա վերադառնալով, Մեսսի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Արձակուրդը աւարտեցաւ: Այժմ պիտի սկսինք պատրաստուելու նոր տարեշրջանին: Պէտք է լաւ աշխատինք, որովհետեւ մեր դիմաց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան»: