
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն:
Կը կարծուի, որ 60 տարեկան Փլաթինի, որ 2007-էն ի վեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահն է, շատերու կողմէ կը նկատուի ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահ Սեփ Պլեթըրի արժանի յաջորդը:
Հարաւային քորէացի Սհունկ Մոնկ-Ժուն, որ նախապէս եղած է ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահ, շատ հաւանաբար իր թեկնածութիւնը առաջադրէ յառաջիկայ ամիս, մինչ յորդանանցի իշխան Ալի Պըն Հիւսէյն, որ նախորդ մայիսին ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն պարտուեցաւ Պլեթըրէն, իր կարգին կը մտադրէ իր թեկնածութիւնը դարձեալ առաջադրել:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահական նոր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 26 փետրուար 2016-ին, ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա):
Նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելու վերջին պայմանաժամն է 26 հոկտեմբեր 2015-ը:


