Sport.es կայքը հաղորդեց, որ Պարսելոնայի պրազիլցի յետսապահ Տուկլաս, որ Չելսիի դէմ տեղի ունեցած միջազգային մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Այս մրցումին, որ աւարտեցաւ Չելսիի յաղթանակով (փենալթիներով` 4-2), մարզիչ Լուիս Էնրիքէ ստիպուած եղաւ փոխարինելու Տուկլասը, որ վիրաւորուեցաւ 15-րդ վայրկեանին:
Այլ գետնի վրայ, Պարսելոնա մտադիր չէ հրաժարիլ իր յետսապահէն` Ատրիանօ Քորեայէն` նկատի ունենալով, որ կը նախատեսուի, որ պրազիլցին մինչեւ 2016 պայմանագրութիւն մը ստորագրէ իր ակումբին հետ: Այսպիսով, պայմանագրութեան ստորագրութեան պարագային, ֆութպոլիստին հրաժարագինը պիտի կազմէ 90 միլիոն եւրօ, կը յայտնէ «Թի. Վի.-3»-ը: