Ռուսական մամուլին կողմէ հրապարակուած լուրի մը մէջ հաղորդուեցաւ, որ տեղւոյն կազմերէն Քվազար պիտի միանայ Միքա Երեւանի, իսկ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընթացքին խումբը պիտի ներկայանայ Միքա – Քվազար անունին տակ:
Սակայն ArmSport.am կայքը` իր լուրը քաղելով Միքայի մամլոյ քարտուղարութենէն, յայտնեց, որ պարզապէս հայկական ակումբին միացած են Քվազարի 10-12 ֆութպոլիստներ, որոնք փորձառական շրջան մը կ՛անցընեն հոն:
Միքա յայտնեց, որ խումբին մարզիչն է Արմէն Ադամեան: