Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Ալիք Առաքելեան իր ակումբը` Միքան լքելով միացաւ Փիւնիկի, յայտնեց Միքայի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Երեւանեան ակումբը եւ 19 տարեկան ֆութպոլիստը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեցին իրենց ստորագրած պայմանագրութիւնը, եւ Առաքելեան ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակով տեղափոխուեցաւ Փիւնիկ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: