ՖԻՖԱ-ի նախկին փոխնախագահ, հարաւային քորէացի Սհունկ Մոնկժուն, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն:
63 տարեկան միլիառատէր Սհունկ ըսաւ, որ իր թեկնածութեան առաջադրումը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ յառաջիկայ ամիս` Եւրոպայի մէջ:
Ան նաեւ նշեց, որ թէեւ գիտէ, թէ բաւական դժուար առաքելութիւն մը պիտի ունենայ եւ պիտի հանդիպի սուր պայքարի, բայց եւ այնպէս մտադրած է այդ ընտրութեան մասնակցիլ` յոյս ունենալով, որ կարգ մը կարեւորագոյն երկիրներու զօրակցութիւնը ապահովէ այդ ընտրութիւններուն ընթացքին:
Նշենք, որ ան 1993-2009-ին եղած է Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը: