
Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի միջազգային 2 մրցումով կախակայուեցաւ, յայտնեց Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Քաւանի կախակայուեցաւ, որովհետեւ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, Չիլիի դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի մրցումին միջադէպ մը ունեցաւ չիլիցի միջնապահ Կոնզալօ Խարայի հետ: Նշենք, որ վերջինս երեք մրցումով կախակայուեցաւ` Քաւանիին հրահրելուն համար:
Այսպիսով, Քաւանի պիտի չկարենայ մասնակցիլ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Ուրուկուէյի կատարելիք առաջին 2 մրցումներուն:


