Արտեոմ Սիմոնեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Ֆ. Ք. Ցիւրիխի Հետ
Զուիցերիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆ. Ք. Ցիւրիխ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կրասհոփըրզը: Իբրեւ հիմնական մարզիկ Ցիւրիխի հետ դաշտ ներկայացած Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը` 34-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ան այսպիսով իր կազմին հետ նշանակեց իր առաջին կոլը: Սակայն անոր կազմը 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն: 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ...

