Երէկ երեկոյեան «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ աւելի քան 85 հազար հանդիսատեսներու, տեղի ունեցաւ Անգլիոյ «Քոմիւնիթի Շիլտ» մրցաշարքին մրցումը` Չելսիի եւ Արսենալի միջեւ:
Լոնտոնեան այս տերպիի մրցումը աւարտեցաւ մարզիչ Արսէն Վենկերի կազմին` Արսենալի յաղթանակով: Անիկա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժոզէ Մուրինիոյի ախոյեան կազմը` Չելսին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ալեքս Օքսլատէ – Չէյմպըրլէյն (24-րդ):
Օրուան իրաւարարն էր Անթոնի Թէյլըր:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ վերջին 12 հանդիպումներուն Չելսի արձանագրած էր 6 յաղթանակ, մինչ 6 մրցում աւարտած էր հաւասարութեամբ: