
Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան («Մէյճըր լիկ») մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Նիւ Եորք Սիթի 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Մոնրէալ Իմփեքթէն:
Մրցումին 68-րդ վայրկեանին, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Տաւիտ Վիյա նշանակեց Նիւ Եորք Սիթիի առաջին կոլը, մինչ անոր կազմը 2-0 արդիւնքով ուշացած էր:
Այսպիսով, Վիյա այս ախոյեանութեան մրցումներուն նշանակեց իր 13-րդ կոլը:
Նշենք, որ անոր խմբակիցներն են Անտրէա Փիրլօ եւ Ֆրանք Լամփար:


