Զուիցերիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆ. Ք. Ցիւրիխ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կրասհոփըրզը:
Իբրեւ հիմնական մարզիկ Ցիւրիխի հետ դաշտ ներկայացած Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը` 34-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ ան այսպիսով իր կազմին հետ նշանակեց իր առաջին կոլը:
Սակայն անոր կազմը 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն:
3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ցիւրիխ 2 կէտով կը գրաւէ 9-րդ նախավերջին դիրքը: