Ռուսիան ներկայացնող հայ թենիսվումըն Մարկարիթա Գասպարեան, երէկ դարձաւ Պաքուի WTA-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր, յայտնեցին հայկական լրատու աղբիւրները:
Գասպարեան, որ միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 112-րդ դիրքը, աւարտականին 6-3, 5-7 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Փաթրիսիա Քարէյ Թինքի (Ռումանիա): Այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 29 վայրկեան:
Նշուեցաւ, որ ազգութեամբ հայ Գասպարեանի համար ասիկա WTA-ի առաջին տիտղոսն էր, որուն ան կը տիրանար:
Այսպիսով, 20 տարեկան Գասպարեան ապահովեց 280 կէտ, ինչպէս նաեւ 43 հազար ամերիկեան տոլար: