Մարզական

Համահայկական Խաղեր. Տարբեր Տեսակի Մարզաձեւերուն Մէջ Արձանագրուած Կարգ Մը Կարեւորագոյն Արդիւնքները

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերը, որոնք տեղի կ՛ունենան մեծ խանդավառութեամբ` կը շարունակուին: Ստորեւ կու տանք երկրորդ օրուան մրցումներուն արդիւնքները. ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ   Պէյրութ (աղջիկներ) - Թիֆլիս 3-0 Պուրճ Համուտ (տղաք) - Երեւան 0-3 Անթիլիաս (տղաք) - Մոնրէալ 3-0 ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ   Գահիրէ (տղաք) - Պուրճ Համուտ 75-92 Անթիլիաս (տղաք) - Արաք 61-64 Հոլիվուտ (տղաք) - Պէյրութ 79-62 Այնճար...

Տենի Ալվես Փոխեց Իր Մարզաշապիկին Թիւը

Պարսելոնայի յետսապահ Տենի Ալվես «Լա լիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան նախօրեակին փոխեց իր մարզաշապիկին թիւը: Քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ պրազիլցի յետսապահը այսուհետեւ հանդէս պիտի գայ թիւ 6 մարզաշապիկով: Այս թիւը նախապէս կը կրէր խումբի նախկին խմբապետ Զաւին: Նշենք, որ խումբի նորեկներ Արտա Թուրան եւ Ալէյքս Վիտալ իրենց մարզաշապիկներուն թիւերը պիտի ընտրեն յառաջիկայ տարուան յունուարին:

Հիկուային Չուզեց Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել Նափոլիի Հետ

Նափոլիի յառաջապահ Կոնզալօ Հիկուայինի եղբայրը` Նիքոլա, որ կը հանդիսանայ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկին գործակալը, յայտարարեց, որ իր եղբայրը չուզեց Նափոլիի հետ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, որ ի զօրու է մինչեւ 2018: Նիքոլա Հիկուային ըսաւ. «Շուրջ 10 օր առաջ Վենետիկի մէջ հանդիպեցանք Նափոլիի նախագահին հետ, որ առաջարկեց մէկ տարուան պայմանագրութեան երկարաձգում: Սակայն Կոնզալօ չուզեց 2018-էն աւելի մնալ Նափոլիի հետ»:

Ռոման Պերեզովսքի` 41 Տարեկան

Ռոման Պերեզովսքի` 41 Տարեկան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի փորձառու եւ անուանի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի երէկ` չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին, նշեց իր ծննդեան 41-րդ տարեդարձը: Հայկական կարգ մը լրատու աղբիւրներ երէկ անդրադարձան անոր տարեդարձին նշումին` միեւնոյն ժամանակ ալ բերդապահին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Քֆարտըպիանի Մարզական Փառատօնը Անցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

Նախորդ շաբաթավերջին երկու օրերու վրայ երկարած Քֆարտըպիանի (Քեսրուան) մարզական փառատօնը անցաւ մեծ յաջողութեամբ, մանաւանդ որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ անձեր` ելոյթ ունենալով տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մրցումներուն: Կազմակերպիչները շնորհակալութեան իրենց յատուկ խօսքը ուղղեցին փառատօնին յաջողութեան մէջ իրենց օգտաշատ դերը ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակցողներուն: Աւարտին բոլոր մասնակցողներուն տրուեցան յատուկ յուշանուէրներ:

Համահայկական Ամառնային 6-րդ Խաղեր. ՀՄԸՄ-ական Հեծելանւորդ Գէորգ Ալթունեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալին

Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենան Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերը: Երէկուան հեծելարշաւի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Ալթունեան տիրացաւ ոսկի մետալին, երբ 37 մասնակցողներուն մէջ հանդիսացաւ առաջին: Ալթունեան, որ այս խաղերուն կը ներկայացնէ Պուրճ Համուտը, տղոց 15 քմ ժամացոյցի դէմ մրցումին հանդիսացաւ առաջին: Պաշտօնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին այսօր, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը: Իր կարգին, ոսկի մետալի տիրացաւ Քարոլ Պոյաճեան...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 15 Եւ 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Համլեթ Մնացականեան Եւ Արմէն Գրիգորեան` Ախոյեան. Ռաֆիկ Յարութիւնեան` Փոխախոյեան

Համլեթ Մնացականեան Շաբաթասկիզբին Շուէտի մէջ սկսաւ Եւրոպայի 15 եւ 17 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 13 ծանրաբարձներով: 15 տարեկանէն վար 56 քկ դասակարգին մէջ Արմէն Գրիգորեան եւ Ռաֆիկ Յարութիւնեան բացառիկ ելոյթ ունենալով յաջորդաբար հանդիսացան Եւրոպայի ախոյեան եւ փոխախոյեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Գրիգորեան բարձրացուց 211 քկ (94+117), իսկ Յարութիւնեան` 204 քկ (87+117): Հայրենի այլ մասնակցող...

Ճատրակ.  Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան  70-Ամեակին Առիթով Տարիքային Մրցաշարք

Ճատրակ. Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 70-Ամեակին Առիթով Տարիքային Մրցաշարք

Հրակ Լախեան Նանօր Արնելեան Ճիօ Գալուստ Կազմակերպութեամբ լիբանանեան բանակին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 2 օգոստոսին տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, լիբանանեան բանակի մարզական համալիրին մէջ` Մար Ռուքոզ: 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ մրցումները խառն էին, մինչ 8 ,10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ տրուեցան մրցանակներ` տարիքային շարքով: Իրենց տարիքային դասակարգերուն մէջ առաջնութեան տիրացան` Հրակ Լախեան,...

20-24 Սեպտեմբերին. Ռիատի Կը Կազմակերպէ Պասքեթպոլի Աղջկանց Միջազգային Մրցաշարք Մը

Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Ռիատի յայտարարեց, որ 20-24 սեպտեմբերին կը կազմակերպէ պասքեթպոլի աղջկանց միջազգային մրցաշարք մը` ի պատիւ ակումբին նախագահ Հիշամ Ժարուտիի: Նշենք, որ այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Ուալիտ Նասսար: Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աղջկանց հետեւեալ չորս խումբերը. Փանաթի - Նայքոս (Յունաստան), Աթլեթ Սելժէ (Սլովենիա), Պատել Սքոփյէ (Մակեդոնիա) եւ...

Փլաթինի Կ՛ուզէ Նորութիւն Մտցնել Մոնտիալի Մրցաշարքին Մէջ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի, որ կը նկատուի ՖԻՖԱ-ի նախագահ դառնալու գլխաւոր թեկնածուն, յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կ՛ուզէ փոփոխութիւն կատարել Մոնտիալի մրցաշարքին մէջ, որ կը նկատուի ֆութպոլի աշխարհի մեծագոյն իրադարձութիւնը` աւարտական հանգրուանին մասնակցող խումբերուն թիւը 32-էն բարձրացնելով 40-ի: «ԱՍ» կը յայտնէ, որ ան կը պատրաստուի այս կէտը մտցնել իր նախընտրական ծրագիրին մէջ եւ այդ գծով յայտարարութիւն...

Մովսիսեանի Կոլը Յաղթանակ Շնորհեց Սպարտակի

Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սպարտակ Մոսկուա նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Ռուպին Քազանին: Մրցումին միակ կոլը (60-րդ) նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ այսպիսով յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով կը դառնայ կոլի հեղինակ: Մովսիսեան 66-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, մինչ անոր խմբակից Արազ Օզպիլիս դաշտ չներկայացաւ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սպարտակ...

Վալենսիա Աւելի Քան 12 Շաբաթով Պիտի Բացակայի

Ուեսթ Համ Եունայթըտի էքուատորցի միջազգային մարզիկ Էններ Վալենսիա աւելի քան 12 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Անոր բացակայութիւնը կրնայ նեղ կացութեան մատնել ակումբի մարզիչ Սլաւեն Պիլիչը, որ վաղը` հինգշաբթի, 6 օգոստոսին, քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք Ասթրա Կիուրկիուի դէմ (Ռումանիոյ մէջ), «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ (երթ` 2-2): Այս մրցումէն 3 օր...

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ-2 Եւ Շիրակ-2` Յաղթական

Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փիւնիկ-2 եւ Շիրակ-2 արձանագրեցին իրենց առաջին յաղթանակները` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Ալաշկերտ-2-ը (1-0) եւ Գանձասար-Կապան-2-ը: Բանանց-2 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Միքա-2-ի հետ, մինչ Արարատ-2` Ուլիս-2-ի հետ (1-1): Փիւնիկ-2-ի կոլը նշանակեց Էրիք Պետրոսեան (77-րդ): Արարատ-2-ի կոլը նշանակեց Հայկ Չիլինկարեան (74-րդ` փենալթիով), իսկ Ուլիս-2-ի կոլը` Արթուր Յակոբեան (51-րդ): Վերջապէս, Շիրակ-2-ի կոլերը նշանակեցին...

Ռաֆայէլ Միացաւ Լիոնի

Պրազիլցի յետսապահ Ռաֆայէլ Տա Սիլվա իր ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը լքելով միացաւ Լիոնի (4 տարուան պայմանագրութեամբ մը): 25 տարեկան Ռաֆայէլ, որ 2008-էն ի վեր մաս կը կազմէ Եունայթըտի, անոր հետ կատարած է 109 «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցում` տիրանալով երեք ախոյեանութեան տիտղոսներու: Ան 2 անգամ կրած է Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:  

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Արոնեան Առաջին 10-էն Դուրս` 2009-էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով

ՖԻՏԷ-ի հրապարակած օգոստոս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 2009-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով դուրս մնաց առաջին տասնեակէն: Ան ունի վարկանշային 2765 կէտ եւ կը գրաւէ 11-րդ դիրքը: Գաբրիէլ Սարգսեան 65-րդ է (2673), մինչ Սերկէյ Մովսիսեան` 101-րդ (2653): Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:

Ռուսական Ֆութպոլ. Մանուչարեան Կոլի Հեղինակ` Ուրալի Հետ

Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մորտովա եւ Ուրալ իրարու հետ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ուրալի հետ, մրցումին 41-րդ վայրկեանին նշանակեց Ուրալի կոլը: Ան 69-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Հիւրընկալ կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ): 3-րդ...

Արժանթինեան Ֆութպոլ. Թեւեզի Առաջին Կոլը` Պոքա Ժունիորզի Հետ

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պոքա Ժունիորզ իր դաշտին վրայ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իւնիոն տէ Սանթա Ֆէէն: Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ, որ վերջերս միացաւ Պոքա Ժունիորզի, նշանակեց իր կազմին 2-րդ կոլը` 46-րդ վայրկեանին, մինչ անոր կազմը ուշացած էր 2-1 արդիւնքով: Նշենք, որ այսպիսով Թեւեզ իր առաջին կոլը նշանակեց Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն...

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան 36 Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աղջկանց այս շաբթուան նոր դասաւորումը: Պաքուի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան նոր դասաւորման մէջ 36 դիրքի ոստում մը արձանագրելով, այժմ կը գրաւէ 51-րդ դիրքը, ինչ որ կը նկատուի կարեւոր ոստում մը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Սերենա Ուիլիըմզ, ապա յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը` Մարիա Շարափովա եւ Սիմոնա Հալեփ:  

Չաւի Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Սատի Հետ

Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Սատ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նասըրէն: Սատի միակ կոլը նշանակեց Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Չաւի Ֆեռնանտես` ազատ հարուածով մը: Նշենք, որ Չաւի, որ իր առաջին մրցումը կը կատարէր քաթարեան իր նոր ակումբին հետ, այսպիսով առաջին իսկ մրցումին կոլի հեղինակ դարձաւ: Չաւի այս ամրան ընթացքին լքեց իր ակումբը` Պարսելոնան:

Դաւիթ Արշակեան Կերտեց Թրաքայի Յաղթանակը

Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թրաքա, որ հիւրը եղաւ Սուտովայի, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Միքայի նախկին ֆութպոլիստ Դաւիթ Արշակեան, որ Թրաքայի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ, նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը (40-րդ):

Page 1200 of 1275 1 … 1,199 1,200 1,201 … 1,275

Արխիւներ