
Շաբաթ, 1 օգոստոսին, Բանանց – Միքա բացման մրցումով սկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 24-րդ ախոյեանութիւնը:
Երեւանի Բանանցի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին երկու կազմերը մէկական կոլ նշանակելով հաւասարութեամբ աւարտեցին իրենց հանդիպումը:
Թէյմուրազ Թոպոյեւ նշանակեց Միքայի կոլը (75-րդ), մինչ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն` Ճոն Ճերեմիա Բանանցի հաւասարութեան կոլը (92-րդ):
Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցած 2-րդ մրցումին, Երեւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Փիւնիկ Երեւան հիւրընկալեց Ալաշկերտը: Հիւր կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկին:
Վարազդատ Հարոյեան նշանակեց Փիւնիկի կոլը (12-րդ), մինչ Հեպըր Արաուժօ տոս Սանթոս` Ալաշկերտի կոլերը (22-րդ եւ 85-րդ):
Նշենք, որ մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր Զաւէն Յովհաննիսեան:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Շիրակ եւ Արարատ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Գանձասար Կապանը (2-1) եւ Ուլիսը (2-0):