Այսօր` շաբաթ, 1 օգոստոսին, Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ կը սկսի 3×3 պասքեթպոլի Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Գ. խմբակի զտումի մրցաշարքը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստան:
Արեգ Վաթեանի գլխաւորած հաւաքականէն հանդէս պիտի գան Յակոբ Անուշեան, Սերկէյ Փոթքոլզին, Միհայիլ Եկորով եւ Մաքսիմ Քնիազեւ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Զտումի այս մրցաշարքին պիտի մասնակցին նաեւ Ֆրանսա, Հունգարիա, Ռումանիա, Էսթոնիա, Դանիա, Լաթվիա եւ Զուիցերիա:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքին համաձայն, առաջին 5 դիրքերը գրաւած խումբերը պիտի ապահովեն աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը: Այդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Պիելոռուսիոյ մէջ: