Պարսելոնայի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, որ նախորդ շաբաթավերջին Ֆիորենթինայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Ինթըրնեշընըլ Չեմփիընզ Քափ») վիրաւորուեցաւ, շատ հաւանաբար բացակայի Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումէն, կը յայտնէ սպանական մամուլը:
31 տարեկան միջնապահը, որ վիրաւորուեցաւ Ա. կիսախաղին, Բ. կիսախաղին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: