ArmSport.am կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 1 օգոստոսին, դժբախտ պատահար մը տեղի ունեցած է Ծաղկաձորի մէջ:
Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն մասնակցելու նպատակով Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան եկած 20 տարեկան Լեւոն Թոմաս, մինչեւ Համահայկական խաղերուն պաշտօնական սկիզբը, կարգ մը խմբակիցներու եւ անոնց հարազատներուն հետ հանգիստի նպատակով մեկնած է Ծաղկաձոր, ուր արկածի ենթարկուելով մահացած է:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց մահացած երիտասարդին ընտանիքին, հարազատներուն եւ խմբակիցներուն:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն կոչ ուղղեց բոլոր մասնակցողներուն եւ հիւրերուն, առաւելագոյն չափով ըլլալու զգուշ` անձնական նախաձեռնութիւններուն ընթացքին եւ զերծ մնալու վտանգ ներկայացնող գործողութիւններէ: