Վերջերս Փիւնիկի հետ իր պայմանագրութիւնը խզած Մասիս Ոսկանեան ներկայիս կը գտնուի Պելճիքա եւ կը պատրաստուի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու այդտեղ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ֆութպոլիստը յայտնեց, որ իր ապագայ խումբին մասին շուտով յստակեցում մը պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ ֆութպոլիստը կը շարունակէ ապաքինիլ իր ստացած վնասուածքէն: Ան ամբողջութեամբ պատրաստ կ՛ըլլայ 20 օր ետք: