Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն հաճելի անակնկալ մը ստեղծեց Հայաստանի հաւաքականը:
Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը, Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցող զտումի քառորդ աւարտականին, Հայաստան 13-10 արդիւնքով յաղթելով Հունգարիոյ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան ապահովեց Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, որ տեղի պիտի ունենայ 22-23 օգոստոսին, Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա), մասնակցութեամբ 16 երկիրներու, յայտնեց ArmSport.am: