ArmSport.am կը հաղորդէ, որ 4 հոկտեմբեր 2015-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կէս-մարաթոնի վազքի մրցումը:
Տեղի պիտի ունենան չորս տարբեր դասակարգերու մրցումներ. 21,1 քմ, 10 քմ, 2,1 քմ եւ 1 քմ:
Այս կէս-մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ գործակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետութեան:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել բոլոր փափաքողները:
Նշենք, որ այս վազքի մրցումը պիտի անցնի քաղաքի կեդրոնէն եւ Հրազդանի կիրճէն: