Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական 6-րդ Ամառնային Խաղերուն Կը Մասնակցին Աւելի Քան 6215 Մարզիկներ

Օգոստոս 1, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_6-th-panarmenian

Վաղը` կիրակի, 2 օգոստոսին, կը սկսին Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերը, աւելի քան 6215 մարզիկներու (մրցանիշ մը) մասնակցութեամբ, որոնք Երեւան եկած են 36 երկիրներու 165 քաղաքներէ:

Նախորդ Համահայկական խաղերուն հետ բաղդատած, այս խաղերը աննախադէպ են ոչ միայն մարզաձեւերու, այլ նաեւ մարզիկներու քանակով:

Նշենք, որ այս խաղերուն նկատի առնուած են հետեւեալ մարզաձեւերը` ֆութպոլ, մինի-ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, աթլեթիզմ, թենիս, փինկ փոնկ, ճատրակ, պետմինթըն, լողարշաւ, պիչ-վոլիպոլ, մարզական պարեր, կոլֆ, հենտպոլ, բազկամարտ, հեծելարշաւ եւ հրացանաձգութիւն:

Նշենք, որ վերջին եօթը մարզաձեւերը տեղի կ՛ունենան առաջին անգամ ըլլալով:

Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 2-13 օգոստոսին, իր լուրը կը շարունակէ «Արմենփրես»:

Համահայկականին` Գերազանց
Մասնակցութիւն Թուրքիայէն

1999-ին առաջին անգամ երկամեայ հերթականութեամբ տեղի ունեցած Համահայկական խաղերը, 2007-էն ետք սկսան չորսամեայ հերթականութեամբ կազմակերպուելու: Այս տարի վեցերորդ անգամ տեղի ունեցող խաղերուն մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդ խաղերուն:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ նախապէս միայն Պոլսոյ անունով մասնակցող Թուրքիոյ հայ խումբերը այս տարի աւելի զանազանութիւն կը ներկայացնեն: Առաջին անգամ 2011-ի խաղերուն, Պոլսոյ հաւաքականին կողքին բաւական մեծ թիւով մասնակցած էր նաեւ Սասունի հայրենակցական միութիւնը: Այդ մասնակցութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած էր յատկապէս բացման արարողութեան տողանցքի պահուն: Սասունցիներու այդ յաղթական համարձակութիւնը բարի նախանձ յառաջացուց այլ հայրենակցական միութիւններու մօտ եւս եւ այս տարի, բացի Պոլսոյ եւ Սասունի հաւաքականներէն Պիթլիս, Տիգրանակերտ, Տէրսիմ, Վաքըֆլըգիւղ եւ Սամաթիա թաղամասերն ալ զատ խումբերով կը մասնակցին մրցումներուն: Ներկայ դրութեամբ Թուրքիայէն մասնակցողներու թիւը կը հասնի 730-ի, որոնց 400-ը մարզիկներ եւ մարզիչներ են, իսկ մնացեալը` կազմակերպիչներ եւ համակիրներ:

Նշենք, որ հայրենակցական միութիւններու համար բարի նախանձ ըլլալով ընկալուած սասունցիներու յաջողութիւնը ուրիշ շրջանակներուն մեծ անհանգստութիւն պատճառած էր:

Արդարեւ, Համահայկական խաղերու կեդրոնական վարչութեան անդամ Մաժակ Չաքըր Օհանեան «Ժամանակ» թերթին մէջ երկու օրեր լոյս տեսնող գրութեամբ մը փորձած էր խանգարել այլ խումբերու մասնակցութիւնը: Ան յայտարարած էր, թէ յատուկ նամակով պիտի դիմէ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, որպէսզի այս վերջիններս մերժեն Պոլիսէն զատ խումբի մը մասնակցութիւնը:

Ըստ երեւոյթին, Օհանեանի նամակները համոզիչ չեն գտնուած, եւ բոլոր խումբերն ալ արդար հպարտութեամբ կը հասնին Երեւան:

Թուրքիոյ հայոց համար ուրախ հպարտութեան այլ երեւոյթ մըն է սիրուած երգչուհի Սիպիլի բացման արարողութեան մասնակցութիւնը: Շնորհալի երգչուհին, ինչպէս նախորդ խաղերուն, այս տարի ալ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեանի յատուկ հրաւէրով կը հասնի Հայաստան եւ բացման հանդէսի պահուն կը կատարէ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Գետաշէն» երգը:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տեղի Պիտի Ունենայ Կէս-Մարաթոն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային

Հոկտեմբեր 15, 2025
Վեթերաններու Ըմբշամարտ.  Վահրամ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա». Հայաստանի Ըմբիշները Կը Փայլին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?